Աստուած Պապա
Այս ինչ տեսակ
Հայրիկ ես դուն…
Ոչ տուն կու գաս,
Ոչ կ՚երեւաս…
Հետս ֆութպօլ
Դեռ չես խաղցած…
Ինքնաշարժդ
Դեռ չեմ նստած…
Շարժապատկեր
Ինձ չես տարած…
Բայց թէ կ՚ուզես,
Գոնէ եկուր
Ընկեր ըլլանք։
Համակարգիչ
Ունի՞ս արդեօք,
Լեցուն, լեցուն
Խաղեր ունիմ
Սիրով կու տամ։
Այսօր եկուր
Մեր Մեծ Բակը,
Կու տամ նաեւ
Նոր գնդակս.
Քեզ թող տեսնեն
Ընկերներս.
Չէ՛, չվախնաս,
Մայրս կ՚ըսէ.
«Ապահով է,
Տէրը վերէն
Մեզ կը հսկէ…»։
Անուշ նագգաշեան
source